2012-02-12 12:12:33

Երուսաղէմի Համայնքապետերու Արտակարգ Ժողով .<<Զատկուայ Միասնական Տօնակատարութիւնը>>


Փետրուար 6­ին, Երուսաղէմի Նօթրը­Տամ կեդրոնի գրասենեակներէն մէկուն մէջ`տեղի ունեցաւ կաթողիկէ համայնքապետերու արտակարգ ժողով մը, քննարկելու համար գալիք 2013 տարուայ ընթացքին, կարելիութիւնը տօնելու Քրիստոսի Յարութեան տօնը Ուղղափառ Եկեղեցիներու հետ միատեղ, կամ աւելի ճիշդ` Հին Յուլեան տոմարին համաձայն։
Ժողովին կը նախագահէր Լատին Պատրիարքը, Ամենապատիւ Ֆուատ Թուալ. Իր աջ կողմը նստած էր Սուրբ Աթոռի Նուիրակի Պատուիրակը, Արհի. Անթօնիօ Ֆրանքօ եպիսկոպոսը. Մաս կը կազմէին բոլոր համայնքներու պետերը, որոնց շարքին նաեւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Առաջնորդը` Գերպ. Յովսէփ Քէլէկեան։
Ժողովը անդրադարձաւ թէ Յորդանանի մէջ արդէն լուծուած է Զատկուայ միասնական տօնակատարութեան հարցը, մասամբ նաեւ տեղական ժողովրդական իշխանութիւններու (Աշիրադներու) ճնշման տակ։ Արդարեւ Յորդանանի մէջ` բոլոր քրիստոնեաները (ի մէջ այլոց նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցին) կը տօնեն Քրիստոսի Ծնունդը 25 Դեկտեմբերին, իսկ Յարութեան տօնը` Օրթոտոքս Եկեղեցիներու հետ։
Գալով Իսրայէլի եւ Պաղեստինեան հողերու, արդէն կարգ մը գիւղաքաղաքներու եւ գիւղերու մէջ` տեղւոյն յոյն կաթողիկէ կամ լատին եպիսկոպոսին համաձայնութեամբ, միացուցած են Զատկի տօնը եւ Յուլիական տոմարով կը տօնուի եւ ոչ թէ Գրիգորեան ներկայ տոմարով, որ ի զօրու է ընդհանրապէս համայն կաթողիկէ եկեղեցիներու մօտ։
Այժմ Երուսաղէմը եւ շրջանի մօտաւորապէս 25 քաղաքներն ու գիւղերը, կը տօնեն Զատիկը Գրիգորեան տոմարով, եւ այս տարուայ համար կարելի չէ փոփոխութիւն կատարել։ Իսկ գալիք 2013 տարուան համար` գաղափարներու փոխանակութիւն կատարուեցաւ եւ ի վերջոյ այն եզրակացութեան յանգեցան թէ առ այժմ կարելի չէ որոշում առնել եւ հարցը կը կարօտի յաւելեալ ուսումնասիրութեան։
Արդարեւ, եթէ Երուսաղէմի մէջ Յարութեան տօնը տեղափոխուի, մեծ շփոթութիւն տեղի պիտի ունենայ ուխտաւորներու մօտ, որոնք ամէն տարի հսկայական թիւերով կը ժամանեն Սուրբ Քաղաքը, Աւագ Շաբաթը եւ Յարութեան տօնը կատարելու համար։
Սակայն հարկ է նկատի ունենալ որ բոլոր Ուղղափառ Եկեղեցիները, որոնց կը միանան նաեւ Հայ Առաքելականները, կը տօնեն Զատիկը Յուլեան տոմարով։ Միայն Կաթողիկէ Եկեղեցին է, իր բազմազան ծէսերով, որ կը տօնէ Սուրբ Յարութիւնը Գրիգորեան տոմարով, ինչպէս որ կը տօնուի համայն աշխարհի մէջ։
Առաջարկուեցաւ միջին լուծում մը, որ միայն մեծ եւ ուխտագնացութեան առարկայ քաղաքներու մէջ, որոնք են գլխաւորաբար Երուսաղէմը, Բեթղեհէմը եւ Նազարէթը, փոփոխութեան չենթարկուի Զատկի թուականը։ Իսկ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միւս բոլոր գիւղերուն մէջ, սկսուի արդէն պատրաստել տեղւոյն ժողովուրդները անցելու յաջորդ տարի Յուլեան տոմարին։
Հարցը աւելի սուր հանգամանք կ՛առնէ Հայֆայի մէջ, ուր կան երեք կաթողիկէ համայնքներ, յոյն, մարոնի եւ լատին. Իսկ գործնականին մէջ միայն յոյները կը փափաքին փոխել թուականը։ Որոշուեցաւ Մարտ ամսոյն ընդհանուր Ժողովին վերջնական վճիռ մը տալ։
Ժողովէն ետք` ներկայ բոլոր ժողովականները հրաւիրուեցան եղբայրական Ագապին, Նոթրը Տամ պանդոկի շքեղ ճաշասրահին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.